2016-06-03 07:18:00

Ժամանակակից ստրուկները ` 46 միլիոն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աշխարհի վրայ 46 միլիոն անհատներ կ՛ապրին արդի ստրկութեան վիճակի մէջ եւ անոնցմէ շատերը մանուկներ են'' սոյն իրականութիւնը յայտնաբերուած է Աւստրալիական '' Walk Free'' անուան հիմնարկի կատարած հետազօտութիւնէն, որ քննարկած է 163 երկիրներու իրավիճակը եւ ուր Հնդկաստանը կը գրաւէ առաջին տեղը։

Ստրկութեան այս երեւոյթին մաս կը կազմէ մարդավաճառութիւնը, բռնի աշխատանքը, սեռային շահագործումը, ստիպողական ամոսւնութիւնները։

Այդ անհատներու 58 առ հարիւրը, մօտ 18 միլիոնը, կ՛ապրին Հնդկաստանի մէջ, որուն կը յաջորդէ Չինաստանը (3 Միլիոն) Փաքիստանը (2 Միլիոն) Պանկլատէշ (1,5 միլիոն) եւ Իւզպէքիստանը (1 Միլիոն)։

Բաղդատմամբ 2015-ին ստրկութեան երեւոյթը աճ արձանագրած է 28 առ հարիւր չափանիշով։








All the contents on this site are copyrighted ©.